Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան, նախորդ շաբաթավերջին իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայի արագ ճատրակի առցանց ախոյեանութեան:
Վիճակաձգութեան արդիւնքին լոյսին տակ, անոնք երկուքը մրցեցան իրարու դէմ, եւ Պետրոսեան արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Թէեւ Պետրոսեան արձանագրեց յաղթանակ մը, սակայն չյաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտուեցաւ անգլիացի իր մրցակիցէն: