Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 1 յունիս 2021-ին, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այժմէն իսկ համաձայնութիւն գոյացուց Խրուաթիոյ ֆետերասիոնին հետ` այս մրցումին կայացման գծով:
Նշուեցաւ, որ Օսիյեք քաղաքին մէջ կատարուելիք այս մրցումը` երկու կազմերու հաւաքականներուն միջեւ պիտի ըլլայ առաջին հանդիպումը:



