Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի երէկ իր բնակարանէն հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն մասնակցող իր ընտրացանկը, որուն մաս կը կազմեն 15 թեկնածուներ:
Ընտրութիւնները պիտի կատարուին իրենց ճշդուած ժամկէտին, վաղը` երեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ:
Նշենք, որ Հալապիի ցանկին մաս կը կազմէ նաեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Հայկ Թապագեան:
Ստորեւ` Հալապիի հրապարակած ցանկին անդամներուն անունները.
Աքրամ Հալապի, Շարպել Ռըզք, Տումեթ Քալլապ, հայր Ժիհատ Սալիպա, Սեմի Նասեր, Թամմամ Ժարուտի, Հիշամ Ժըրատի, Մոհամետ Ապու Պաքըր, Թոնի Տիպ, Մարուն Ժըպրայէլ, Ղազի Պուսթանի, Հայկ Թապագեան, Վիգէն Չերչեան, Փաթրիք Լահուտ եւ Էլի Խալիլ:
Նշենք, որ Հալապիի կողմէ այս ցանկին հրապարակումին ընթացքին ներկայ գտնուեցան միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Մազեն Քուպէյսի, Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ եւ Տինամոյի նախագահ Ֆայսալ Քըլքաուի:
Ժորժ Պարաքեթ
Հրապարակեց Իր Ցանկը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ վաղը` երեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն, երէկ հրապարակեց այս ընտրութիւններուն մասնակցող իր ընտրացանկը:
Ստորեւ` այդ ցանկին անդամները.
Ժորժ Պարաքեթ, Էլիաս Ապի Նախլէ, Ֆետի Խաթիպ, Նատեր Պասմէ, Մարք Քըզահ, Էտուար Պու Զախըմ, Ալեն Անտրաուս, Մոհամետ Սըլիմ, Խալետ Մուժահես, Հատի Ղըմրաուի, Ուահիպ Ուըհպէ, Թոնի Պու Հապիպ, Ռոնի Ֆահըտ եւ Ֆետի Թապեթ: