Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուած Ա. Էս. Ռոմա – Թորինօ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ հռոմեան կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով:
Մրցումին հաշիւը 27-րդ վայրկեանին բացաւ նոյնինքն Մխիթարեան, որուն նշանակած կոլէն ետք նշանակուեցան Ա. Էս. Ռոմայի մնացեալ երկու կոլերը:
Նշենք, որ Մխիթարեան այսպիսով նշանակեց իր 7-րդ կոլը` այս տարեշրջանին ընթացքին:



