Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս իր դաշտէն դուրս` Փարմայի դաշտին վրայ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տուպլէ մը իրագործեց 26-րդ եւ 48-րդ վայրկեաններուն:
Ցարդ անպարտելի Ա. Սէ. Միլան 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սասուոլոյի դաշտէն:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ինթեր Միլան, իր հիւրին` Սփեցիայի դէմ, 2-1 արդիւնքով:
Սակայն Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Աթալանթային, կրեց 4-1 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան կատարեց իր կազմին նշանակուած միակ կոլին էսիսթը, որ 3-րդ վայրկեանին կոլի վերածուեցաւ Էտին Ծեքոյի կողմէ:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած այս մրցումներէն ետք, այժմ Ա. Սէ. Միլան ունի 31 կէտ, Ինթեր Միլան` 30 կէտ, Եուվենթուս` 27 կէտ, իսկ Ա. Էս. Ռոմա` 24 կէտ:




