Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Եու Է. Էֆ. Ա.»-ն նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ պարտուած կը հռչակէ ազրպէյճանական Քարապաղ խումբը:
Վիարէալի դէմ կատարուելիք «Եուրոփա Լիկ»-ի 6-դ հանգրուանի ծիրին մէջ ազրպէյճանական կազմը պէտք էր մեկնէր Սպանիա:
Սակայն ատիկա չէր կատարուած` նկատի ունենալով, որ ազրպէյճանական խումբը յայտնած էր, որ իր կազմին մէջ ունի «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներ:
Սպանական կազմը 16 կէտով գրաւեց խմբակին առաջին դիրքը, մինչ Քարապաղ կէտով մը միայն հանդիսացաւ վերջին` լքելով պայքարը: