«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց Պայեր Լեւերքուզընին Եւ Անկէ Խլեց Պարագլուխի Դիրքը
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 13-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը իրարու դէմ հանեց Պայեր Լեւերքուզընն ու Պայէրն Միւնիխը:
Երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն, իր մրցակիցի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը` երկու կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ:
Պայէրնի հաւասարութեան կոլը 43-րդ վայրկեանին նշանակած լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ) տուպլէ մը իրագործելով կերտեց Պայէրնի յաղթանակը:
Նշենք, որ այս հանգրուանի բացման մրցումին Պորուսիա Տորթմունտ Իւնիոն Պերլինի դաշտին վրայ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական