Մարզական

Դահուկարշաւ.  Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2019-2020 Տարեշրջանին Մրցանակաբաշխութիւնը

Դահուկարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2019-2020 Տարեշրջանին Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ռեսթըն» պանդոկին մէջ (Մաամըլթէյն), Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2019-2020 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը: Ֆետերասիոնին նախագահը` Ֆրետի Քէյրուզ, շնորհաւորելէ ետք բոլոր մրցանակակիրները, նոր տարեշրջանին գծով անոնց մաղթեց յաջողութիւն` յոյս յայտնելով, որ անոնք միջազգային գետնի վրայ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն` բարձր պահելու համար իրենց երկրին` Լիբանանի անունը:

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Բաժակի  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Արսէն Յարութիւնեան  Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութիւն. Արսէն Յարութիւնեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան հանդիսացաւ աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր: Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան 57 քկ դասակարգին մէջ, Յարութիւնեան, որ աւարտականին մրցեցաւ Ռուսիան ներկայացնող Ռաւուր Ուկույեւի դէմ, կրեց 10-0 արդիւնքով պարտութիւն մը եւ հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան: Նշենք, որ հայրենի ըմբիշը 2019-ին հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկիէ մետալակիր, իսկ անկէ տարի մը...

Ռուսիոյ Մարզիկները Աշխարհի  Ախոյեանութիւններուն  Եւ Ողիմպիական Խաղերուն Պիտի Ներկայանան  Առանց Դրօշակի Եւ Օրհներգի

Ռուսիոյ Մարզիկները Աշխարհի Ախոյեանութիւններուն Եւ Ողիմպիական Խաղերուն Պիտի Ներկայանան Առանց Դրօշակի Եւ Օրհներգի

Խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ պայքարող միջազգային գործակալութիւնը («ՈՒԱՏԱ»), միջազգային մարզական դատարանին («ՍԻ. ԷՅ. ԷՍ.») կողմէ հաստատուած ռուսական մարզական բոլոր տեսակի միջոցառումներու մասնակցող պայմանաւորուած երկրի մարզիկները կը զրկեն ազգային դրօշին եւ օրհներգին տակ աշխարհի ախոյեանութիւններուն, ողիմպիականի խաղերուն եւ փարալիմփիք խաղերուն մասնակցելէ` երկու տարուան ժամկէտով: Այս որոշումը պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ երէկ: Նշուեցաւ, որ մարզիկներուն համազգեստը կրնայ պարունակել ազգային դրօշին գոյները: Սակայն անոնց համազգեստին...

Անտրէ Քալիսիր Շուէտի Տարուան Լաւագոյն  Ֆութպոլիստը` Երկրին Իրաւարարներուն Կողմէ

Անտրէ Քալիսիր Շուէտի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը` Երկրին Իրաւարարներուն Կողմէ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Կէօթըպըրկի 30 տարեկան յետսապահ Անտրէ Քալիսիր ճանչցուեցաւ Շուէտի աւարտած ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը` երկրին իրաւարարներուն կողմէ, այս մաստի յայտնեց ֆութպոլիստին մաս կազմած ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ 30 տարեկան Քալիսիր յունուար 2018-էն ի վեր ելոյթ կ’ունենայ Կէօթըպըրկի հետ, որ աւարտած ախոյեանութեան գրաւեց դասաւորման 12-րդ դիրքը:  

ՖԻՖԱ.  Մանուէլ Նէօյըր` Տարուան  Լաւագոյն Բերդապահը

ՖԻՖԱ. Մանուէլ Նէօյըր` Տարուան Լաւագոյն Բերդապահը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, բաժակակիր, «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի տիտղոսակիր, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի գերբաժակակիր Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր ՖԻՖԱ-ին կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ 2020 տարուան աշխարհի լաւագոյն բերդապահը: Տիտղոսին տիրանալու թեկնածու էին նաեւ Անգլիոյ ախոյեան Լիվըրփուլի պրազիլցի բերդապահ Ալիսոն Պեքըր եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի սլովենիացի բերդապահ Եան Օպլաք: Նշենք, որ 34 տարեկան Նէօյըր ճանչցուած էր նաեւ իբրեւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի նախորդ տարեշրջանի...

Լեւանտովսքի` «Պունտըսլիկա»-ի Պատմութեան  Երրորդ Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Լեւանտովսքի` «Պունտըսլիկա»-ի Պատմութեան Երրորդ Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (32 տարեկան), որ Վոլֆսպուրկի դէմ կատարուած մրցումին տուպլէ մը իրագործեց, յաջողեցաւ հանդիսանալ «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան երրորդ լաւագոյն ռմբաձիգը` իր նշանակած ընդհանուր կոլերուն քանակը բարձրացնելով 250-ի: «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգն է Կերթ Միւլըր, որ նշանակած է 365 կոլ: Անոր կը յաջորդէ Քլաուս Ֆիշըր (268 կոլ):

Պուսքեթց Գերազանցեց Փույոլի Ցուցանիշը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, քաթալոնական Պարսելոնան, որ հիւրընկալեց դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Սոսիետատը, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այս մրցումը Պարսայի սպանացի միջնապահ Սերճիօ Պուսքեթցի համար եղաւ 594-րդը` Սպանիոյ փոխախոյեանին հետ: Իր այս ցուցանիշով 32 տարեկան Պուսքեթց գերազանցեց անցեալի ֆութպոլիստ Քարլես Փույոլը, որ Պարսելոնայի հետ կատարած է 593 մրցում: Քաթալոնական կազմին հետ...

Ռուսական Ֆութպոլ.  Արշակ Կորեան` Կոլի Հեղինակ

Ռուսական Ֆութպոլ. Արշակ Կորեան` Կոլի Հեղինակ

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Խիմքի կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոքոմոթիւ Մոսկուային: Մրցումին 26-րդ վայրկեանին, հիւրընկալ կազմին մարզիկներէն Արշակ Կորեան հանդիսացաւ կոլի հեղինակ: Ան իր կոլը նշանակեց փենալթիով: Նշենք, որ այս մրցումը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կորեանի համար 11-րդն էր: Ան այս տարեշրջանին ցարդ նշանակած է 4 կոլ:

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի  Մրցաշարք.  Կիսաւարտականի Մրցումներուն  Վիճակաձգութիւնը

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Կիսաւարտականի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ կատարեց Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Փոխախոյեան Պարսելոնա 13 յունուարին Քորտոպայի մէջ կը մրցի Ռէալ Սոսիետատի դէմ, իսկ 14 յունուարին ախոյեան Ռէալ Մատրիտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Աթլեթիքօ Պիլպաոն` Մալակայի մէջ: Աւարտականի մրցումը պիտի կատարուի 17 յունուարին, Սեւիլլայի մէջ: Նշենք, որ մրցաշարքին գործող տիտղոսակիրն է Ռէալ Մատրիտ:

Իտալական Ֆութպոլ.  Ա. Սէ. Միլան Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Իտալական Ֆութպոլ. Ա. Սէ. Միլան Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Ա. Սէ. Միլան, որ մրցեցաւ Ճենովայի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Այս մրցումը Ա. Սէ. Միլանի համար եղաւ «Քալչիօ»-ի 14-րդ յաջորդական մրցումը, որուն ընթացքին Սթեֆանօ Փիոլիի գլխաւորած կազմը կը նշանակէ նուազագոյնը 2 կոլ: Յայտարարուեցաւ, որ ասիկա կը նկատուի մրցանիշ մը` նկատի ունենալով, որ նախապէս ոչ մէկ խումբ այսպիսի...

«Ֆորմիւլա-1».  2021 Տարեշրջանին Պիտի Կատարուին`  23 «Կրան-Փրի»-ներ

«Ֆորմիւլա-1». 2021 Տարեշրջանին Պիտի Կատարուին` 23 «Կրան-Փրի»-ներ

Միջազգային ինքնաշարժներու ֆետերասիոնը (ՖԻԱ) երէկ հրապարակեց 2021 տարեշրջանի յայտագիրը: Պիտի կատարուին 23 կրան փրիներ: Նոր տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի 21 մարտին, երբ աւստրալիական Մելպուռն քաղաքին մէջ պիտի կատարուի բացման կրան փրին: Տարեշրջանի վերջին կրան փրին տեղի պիտի ունենայ 5 դեկտեմբերին, Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Մէկ  Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Ասիոյ  Ողիմպիական Կոմիտէի 39-րդ Համագումարին

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Մէկ Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Ասիոյ Ողիմպիական Կոմիտէի 39-րդ Համագումարին

Երէկ` չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին, Օմանի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ Ողիմպիականի կոմիտէի 39-րդ համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանան: Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Հաշեմ Հայտար, ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմ եւ Սելիմ Հաժ Նիքոլա: Այս համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին ասիական 45 երկիրներ: Որոշուեցաւ 2030-ի ասիական խաղերը կատարել Քաթարի մէջ, իսկ 2034-ի խաղերը` Սէուտական Արաբիոյ...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Բաժակի  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Արսէն Յարութիւնեան Ապահովեց  Աւարտականի Իր Տոմսը

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութիւն. Արսէն Յարութիւնեան Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտիկ, հայրենի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան երէկ ապահովեց աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան աւարտականի իր տոմսը: Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ կատարուող այս մրցաշարքին, 57 քկ դասակարգին մէջ Յարութիւնեան, որ ճակատեցաւ սերպ Սթեւան Միչիչի դէմ, արձանագրեց 7-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսօր` հինգշաբթի, 17 դեկտեմբերին, աւարտականին, Յարութիւնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռուսիան ներկայացնող Ռաւուր Ուկույեւ: Նշենք, որ նախապէս Հայաստանի յունահռոմէական ոճի...

Ժիւտօ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ  Իր Ուսումնամարզական Հաւաքին

Ժիւտօ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Ուսումնամարզական Հաւաքին

Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականը երէկ Օլիմփիաւանի մէջ սկսաւ իր ուսումնամարզական հաւաքին: Անիկա իր աւարտին կը հասնի 28 դեկտեմբերին: Իսկ յունուար 2021-էն սկսեալ հայրենի կազմը կը մասնակցի միջազգային մրցաշարքերու: Հայաստանի ժիւտոյի մեծերու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Դաւթեան ըսաւ, որ հաւաքականը պիտի ձեւաւորուի երիտասարդ մարզիկներով, ինչ որ կը նշանակէ, որ բաւական աշխատանք ունի կատարելիք լաւ կազմ մը մէջտեղ բերելու համար: Ան աւելցուց,...

ՖԻՖԱ-ն Ներկայացուց Տարուան Լաւագոյն  Ֆութպոլիստի Մրցանակի Թեկնածուներուն Եռեակը

Հայաստան Մասնակցեցաւ ՖԻՖԱ-ի «Տը Պեսթ»-ի Քուէարկութեան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականներուն գլխաւոր մարզիչները եւ խմբապետները, բոլոր երկիրներու մարզիչներուն եւ խմբապետներուն նման, քուէարկեցին ՖԻՖԱ-ի տարուան լաւագոյն մարզիչի եւ ֆութպոլիստներու ցանկերուն: Այսօր` հինգշաբթի, 17 դեկտեմբերին ՖԻՖԱ-ն պիտի հրապարակէ «Տը Պեսթ ՖԻՖԱ Ֆութպոլ Ըուորտզ»-ի բոլոր մրցանակակիրներուն անունները: Նշենք, որ այս քուէարկութեան մասնակցեցան Հայաստանի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոս, խմբապետ Հենրիխ...

«Քալչիօ».  Եուվենթուս Չկրցաւ  Յաղթել Աթալանթային

«Քալչիօ». Եուվենթուս Չկրցաւ Յաղթել Աթալանթային

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, չկրցաւ յաղթել իր հիւրին` Աթալանթային, երբ անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Եուվէ բաւական մօտ էր մրցումին երեք կէտերը խլելու իր հիւրէն, սակայն փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ մրցումին 61-րդ վայրկեանին չկրցաւ իր կազմին շնորհուած փենալթին կոլի վերածել: Անոր խմբակից Ֆետերիքօ Քիեսա 29-րդ վայրկեանին նշանակեց Եուվենթուսի...

Իտալական Երկու Խումբեր  Հետաքրքրուած Են Իսքոյով

Իտալական Երկու Խումբեր Հետաքրքրուած Են Իսքոյով

Այնպէս կը թուի, որ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Իսքօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Իտալիոյ մէջ: «Քալչիոմերքաթօ» յայտնեց, որ Իսքոյով շատ մօտէն հետաքրքրուած են իտալական երկու խումբեր` Եուվենթուս եւ Ա. Սէ. Միլան: Ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022: Անոր արժէքը կը գնահատուի 20 միլիոն եւրոյով: Նշենք, որ ան 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ արքայական ակումբին:    

Ռուսական Ֆութպոլ.  Զենիթի Գլխաւոր Տնօրէնը  Պաշտօնանկ Պիտի Ըլլայ

Ռուսական Ֆութպոլ. Զենիթի Գլխաւոր Տնօրէնը Պաշտօնանկ Պիտի Ըլլայ

Ռուսական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Զենիթ խումբի գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Մետվետեւ պիտի չկարենայ շարունակել իր պաշտօնը, որովհետեւ պաշտօնանկ պիտի ըլլայ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ: Ան արդէն իսկ դադրած է իր պաշտօնը կատարելէ: Անոր ակումբը շուտով այս գծով պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ պիտի ունենայ: Նշենք, որ 65 տարեկան Մետվետեւ իր պաշտօնը ստանձնած էր 2019-ին:

Ըստ «Ֆրանս-Ֆութպոլ»-ի.  Փիերլուիճի Քոլինա` Պատմութեան  Լաւագոյն Կեդրոնի Իրաւարարը

Ըստ «Ֆրանս-Ֆութպոլ»-ի. Փիերլուիճի Քոլինա` Պատմութեան Լաւագոյն Կեդրոնի Իրաւարարը

«Ֆութպոլ-Իտալիա» յայտնեց, որ «Ֆրանս-Ֆութպոլ» ամսագիրը իտալացի Փիերլուիճի Քոլինան ճանչցաւ ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն կեդրոնի իրաւարարը: Քոլինա, որ այժմ կը գլխաւորէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը, 1988-2005 ժամանակամիջոցին եղած է իրաւարար: Ան սուլած է «Քալչիօ»-ի 240 մրցումի, միջազգային 109 մրցումի, ինչպէս նաեւ 2002-ի Մոնտիալի աւարտականի ճակատումին:

Ուեսթ Պրոմուիչ Պաշտօնանկ  Ըրաւ Իր Մարզիչը

Ուեսթ Պրոմուիչ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Անգլիական Ուեսթ Պրոմուիչի ղեկավարութիւնը որոշեց իր համագործակցութիւնը չշարունակել խումբի գլխաւոր մարզիչ Սլաւեն Պիլիչի հետ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Պիլիչը հեռացնելու որոշումը տրուեցաւ Մանչեսթըր Սիթիի («Փրեմիեր Լիկ», 13-րդ հանգրուան) դէմ կատարուած մրցումէն ետք (1-1): Անոր պաշտօնազրկումէն կարճ ատեն մը ետք, անգլիական ակումբը յայտնեց, որ նախապէս Էվըրթընը գլխաւորած Սեմ Էլըրտայսին վստահուեցաւ այդ պաշտօնը, որ ստորագրեց 18 ամսուան պայմանագրութիւն մը: Նշենք,...

Page 559 of 1279 1 … 558 559 560 … 1,279

Արխիւներ