Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, հիւրը պիտի ըլլայ Պայէր Լեւերքուզընի:
Գագաթի այս ճակատումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Լեւերքուզըն, որ ունի 28 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ Պայէրն, որ կէտով մը միայն ետ կը մնայ անկէ, երկրորդ դիրքին վրայ է:
Այսօր բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը պիտի կատարուի նաեւ Սպանիոյ մէջ (թէեւ երկու կազմերուն դիրքը այդքան ալ նախանձելի չէ), որուն ընթացքին Վալենսիա (13-րդ) հիւրը պիտի ըլլայ Պարսելոնային (5-րդ):
15-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուելիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):