Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Եունայթըտ-Լիվըրփուլ «Տաք» Ճակատում
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կատարուած Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի վիճակաձգութեան արդիւնքին լոյսին տակ, բաւական զօրաւոր եւ «տաք» ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ` Մանչեսթըր Եունայթըտ-Լիվըրփուլ մրցումը: Նշենք, որ Դ. հանգրուանին զուգահեռ կատարուեցաւ նաեւ Ե. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնն ալ: Դ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 22-25 յունուարին:




















