«Էն. Պի. Էյ.». Ֆէոնիքս Սանզ Պարտուեցաւ Ուաշինկթընի Մէջ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, որ հիւրընկալեց Ֆէոնիքս Սանզը, արձանագրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը (ութ պարտութեան կողքին), երբ պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Յաղթական կազմէն Պրետլի Պիլ նշանակեց 34 կէտ, իսկ Սանզէն Տեւին Պուքըր` 33 կէտ:
Փորթլենտի մէջ, Պլէյզըրզ, կէտի մը տարբերութեամբ` 112-111 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզին, հակառակ անոր որ վերջինէս Փասքալ Սիաքամ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց:
Նշենք, որ ցարդ ամէնէն շատ յաղթանակը (8) արձանագրած է երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական