Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ երէկ այցելեց Եռաբլուր:
«Վեհ ցաւի եւ վիշտի մէջ բառերը աւելորդ են: Կը խոնարհիմ մեր հերոսներու շիրիմներուն դիմաց», ըսաւ Աբրահամ տխրութեամբ:
Նշենք, որ արցախեան երկրորդ պատերազմի օրերուն, Արթուր Աբրահամ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած էր ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: