Պարսելոնայի նախկին բերդապահ Վիքթոր Վալտես կրնայ կրկին վերադառնալ քաթալոնական ակումբ, այս մասին յայտնեց «Մունտօ-Տեփորթիւօ»:
Ըստ պարբերաթերթին, անոր վերադարձը կրնայ կատարուիլ այն ժամանակ, երբ Պարսելոնայի նախագահ ընտրուի Խուան Լափորթա, որ կը փափաքի դարձեալ քաթալոնական կազմին մէջ տեսնել Վալտեսը: Անոնք երկուքը իրարու հետ մտերիմ են:
Վալտես ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2017-ին:
2019-ին ան կը մարզէր Պարսելոնայի երիտասարդական խումբը, ուր աշխատեցաւ միայն երեք ամիս եւ անկէ հեռացաւ որոշ տարակարծութիւններու պատճառով: