Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեանի Երկրորդ Յաղթանակը
Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսվումըն Մարկարիթա Գասպարեան երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ:
26 տարեկան Գասպարեան, որ Ա. հանգրուանին յաղթած էր իտալացի Մարթինա Տի Ճիուզեփփէին, երէկ իր յաղթանակը արձանագրեց վրացի Մարիամ Փոլքվածէի դէմ` 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով:
Գասպարեանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ 33 տարեկան պուլկարացի` Ցվետլանա Փիրոնքովա:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական