Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցող Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան Դ. հանգրուանի հանդիպումները:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Յովիկ Հայրապետեան, որ երէկ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Արման Միքայէլեանի հետ:
Հայրապետեան այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 3,5 կէտ:
Հայաստանի միւս երկու ներկայացուցիչները` Մամիկոն Գաբրիէլեան եւ Աննա Սարգսեան, որոնք մրցեցան իրարու դէմ, հաւասարութեամբ բաժնուեցան իրարմէ:
Այս յուշամրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10 երիտասարդ ճատրակ խաղացողներ` Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն եւ Իրանէն:



