Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պաթրունի Եւ Սպաքեթ-Թրիփոլիի Ակադեմիաներուն Մէջ` Զտումի Մրցումներ
Հսկողութեամբ ու հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, Պաթրունի եւ Սպաքեթ-Թրիփոլիի ակադեմիաներուն մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի թրի փոյնթի եւ ցուցադրական զտումի մրցումները` ներկայութեամբ մարզիկներու ծնողներուն:
Սպաքեթ-Թրիփոլի ակադեմիայի նախագահ Ազզամ Պալթաժի, շնորհակալութիւն յայտնեց «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ` լիբանանեան պասքեթպոլի մարզը յառաջ մղելու:
Իր կարգին, Պաթրունի ակադեմիայի նախագահ Շարպել Ֆըղալի քաջալերեց «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան կատարած աշխատանքը, որ կը ջանայ ապագայի երիտասարդ մարզիկներու ծնունդին մէջ իր կարեւոր դերը ունենալ:
Նշենք, որ կատարուեցան տարիքային երկսեռ հինգ դասակարգի մրցումներ. 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:
Իւրաքանչիւր դասակարգի առաջին երկու դիրքերը գրաւողները ապահովեցին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: