Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին կիսաւարտականի մրցումները:
Այսօրուան մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Ռէալ Սոսիետատ եւ Պարսելոնա: Իսկ վաղը իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիք Պիլպաօ: Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«Մարքա» հաղորդեց, որ ֆրանսացի Զինետին Զիտանի գլխաւորած կազմէն` Ռէալ Մատրիտէն պիտի բացակային սերպ յառաջապահ Լուքա Եոքիչ եւ սպանացի յետսապահ Տենի Քարֆախալ: Անոնք երկուքն ալ վնասուածքներ ունին:
Այսօրուան մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քորտոպայի մէջ, իսկ վաղուան ճակատումը` Մալակայի մէջ:
Իսկ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 յունուարին` Անտալուչիայի մէջ: