Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կատարուած Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի վիճակաձգութեան արդիւնքին լոյսին տակ, բաւական զօրաւոր եւ «տաք» ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ` Մանչեսթըր Եունայթըտ-Լիվըրփուլ մրցումը:
Նշենք, որ Դ. հանգրուանին զուգահեռ կատարուեցաւ նաեւ Ե. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնն ալ:
Դ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 22-25 յունուարին: