Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Մարկարիթա Գասպարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի զտումի մրցումներուն, երէկ արձանագրեց յաղթանակ մը` շրջանցելով զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները:
Հայ մարզիկը, որ մրցեցաւ Իտալիոյ ներկայացուցիչ Մարթինա Տի Ճիուզեփփէի դէմ, արձանագրեց 6-3, 4-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ:
Նշենք, որ 26 տարեկան Գասպարեան թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 125-րդ, իսկ 29 տարեկան իտալացին` 189-րդ:
Զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Գասպարեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ վրացի Մարիամ Պոլքվածէ: