Մարզական

Լուքա Եովիչ Ռէալ Մատրիտէն  Վերադարձաւ «Պունտըսլիկա»

Լուքա Եովիչ Ռէալ Մատրիտէն Վերադարձաւ «Պունտըսլիկա»

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող սերպ յառաջապահ Լուքա Եոքիչ վերադարձաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա»): 23 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ գերմանական կազմին, յայտնեց արքայական ակումբին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ ան 2019-ին Այնթրախթէն տեղափոխուած էր Ռէալ` փոխան 63 միլիոն եւրոյի: Ան այս տարեշրջանին Ռէալի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ միայն 4 մրցումի:  

Փարիզ Սեն Ժերմեն` Ֆրանսայի  Գերբաժակակիր

Փարիզ Սեն Ժերմեն` Ֆրանսայի Գերբաժակակիր

Ֆրանսայի ֆութպոլի բազմակի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն հանդիսացաւ երկրի գերբաժակակիր: Մայրաքաղաքի կազմը, որ մրցեցաւ Մարսէյի դէմ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին 39-րդ վայրկեանին Մաուրօ Իքարտի նշանակեց Սեն Ժերմենի առաջին կոլը, մինչ Նէյմար 84-րդ վայրկեանին կրկնապատկեց հաշիւը` իր կոլը նշանակելով փենալթիով: Մրցումին 89-րդ վայրկեանին Տմիթրի Փայէ նշանակեց Մարսէյի ուշացած կոլը: Նշենք, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն, իր պատմութեան մէջ 10-րդ անգամ...

«Եւրօ-2020».  Տոմսերուն Վաճառքը Դադրեցաւ

«Եւրօ-2020». Տոմսերուն Վաճառքը Դադրեցաւ

Եւրոպական ֆութպոլի ֆետերասիոններու միութիւնը («Եու. Է. Էֆ. Ա.») դադրեցուց «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տոմսերուն վաճառքը, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը: Նշուեցաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք տոմսեր գնած էին, մինչեւ յառաջիկայ 26 յունուար իրենց գումարները ետ պիտի ստանան: Տարիով մը յետաձգուած այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 11 յունիսէն 11 յուլիս 2021-ին:  

Պերլուսքոնի  Տեղափոխուեցաւ  Հիւանդանոց

Պերլուսքոնի Տեղափոխուեցաւ Հիւանդանոց

Ա. Սէ. Միլանի նախկին նախագահ, իտալական Բ. դասակարգին մաս կազմող Մոնցայի նախագահ, Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի սիրտի հետ կապուած խնդիրներու պատճառով տեղափոխուեցաւ Մոնաքոյի մէջ գտնուող հիւանդանոց մը, այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Աղբիւրին համաձայն, բժիշկները նպատակայարմար գտած են Պերլուսքոնին տեղափոխել մօտակայ հիւանդանոց եւ ոչ թէ Իտալիա: Նշենք, որ սեպտեմբերին յայտնի դարձաւ, որ 83 տարեկան Պերլուսքոնի վարակուած է «Քորոնա»...

Էտեն Հազար` Պելճիքայի Բոլոր  Ժամանակներու Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Էտեն Հազար` Պելճիքայի Բոլոր Ժամանակներու Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Էտեն Հազար ճանչցուեցաւ Պելճիքայի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց պելճիքական մամուլը: 1991-ին Լա Լուվիերի մէջ ծնած Հազար ապահովեց ձայներուն 10,6 տոկոսը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Վենսան Քոմփանի (9,4 տոկոս), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Քեւին Տը Եոնկ (9,1 տոկոս): Նշենք, որ այժմ 30 տարեկան Հազար ֆութպոլ խաղալու սկսած է, երբ 5 տարեկան էր:  

Պարսելոնայի Նախագահական Ընտրութիւն.  Էմիլի Ռուսօ Յետս Կոչեց Իր Թեկնածութիւնը

Պարսելոնայի Նախագահական Ընտրութիւն. Էմիլի Ռուսօ Յետս Կոչեց Իր Թեկնածութիւնը

24 յունուարին տեղի պիտի ունենան Պարսելոնայի նախագահական ընտրութիւնները: Պարսելոնայի նախագահի թեկնածու Էմիլի Ռուսօ երէկ յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ իր թեկնածութիւնը: Ան թէեւ ապահոված էր առաջադրուելու համար անհրաժեշտ աջակցողներուն ստորագրութիւնները, սակայն անոնց մէկ մասը եղած էր կասկածելի: Այժմ քաթալոնական ակումբի նախագահական ընտրութեան համար մնացած են երեք թեկնածուներ. Խուան Լափորթա, Վիքթոր Ֆոնթ եւ Թոնի Ֆրէյքսա:    

«Էն. Պի. Էյ.».  Լէյքըրզի Մրցանշային Յաղթանակը`  Օտար Դաշտի Վրայ

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզի Մրցանշային Յաղթանակը` Օտար Դաշտի Վրայ

Երէկ` հինգշաբթի, 14 յունուարին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան 7 մրցումներ, մինչ 3 հանդիպումներ յետաձգուեցան, կարգ մը խումբերու մարզիկներուն «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալնուն համար: Երկրի գործող ախոյեան Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրը եղաւ Օքլահոմա Սիթիին, արձանագրեց 128-99 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 26 կէտ: Լէյքըրզի արձանագրած այս յաղթանակը եղաւ մրցանշային` անոր ակումբին պատմութեան մէջ,...

Պասքեթպոլ.  Ճէյմս Հարտեն Միացաւ Պրուքլին Նեթցի

Պասքեթպոլ. Ճէյմս Հարտեն Միացաւ Պրուքլին Նեթցի

Ամերիկացի անուանի  պասքեթպոլիստ Ճէյմս Հարտեն, որ մաս կը կազմէր Հիուսթըն Ռոքեթցի, ունեցաւ իր նոր ակումբը, այս մասին յայտնեց «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ը: 31 տարեկան Հարտենի նոր ակումբը հանդիսացաւ Պրուքլին Նեթց: Հարտեն 2017-2018 տարեշրջանին ճանչցուած էր իբրեւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ամէնէն արժէքաւոր խաղացողը: Պրուքլինին միանալով` Հարտեն իրեն խմբակից պիտի ունենայ Օքլահոմա Սիթիի իր նախկին խմբակիցը` Քեւին Տիւրընթը:

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին  Ընտրութիւնները` 21 Յունուարին

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Ընտրութիւնները Յետաձգուեցան

Երէկ` չորեքշաբթի, 13 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի: Ժողովականները իրենց օրակարգին վրայ ունէին միայն մէկ նիւթ. Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին նոր ընտրութիւնները: Որոշուեցաւ նոր ընտրութիւնները կայացնել երկուշաբթի, 8 փետրուարին, ժամը 15:00-էն սկսեալ, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ): Նշենք, որ սկզբունքով ընտրութիւնները պիտի...

Ճատրակ.  Մարգարեանի Անուան Յուշամրցաշարքին  Յառաջատարը Կը Շարունակէ Մնալ Հայրապետեան

Ճատրակ. Մարգարեանի Անուան Յուշամրցաշարքին Յառաջատարը Կը Շարունակէ Մնալ Հայրապետեան

Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցող Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի միջազգային յուշամրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Յովիկ Հայրապետեան, որ այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց, կը շարունակէ մնալ յառաջատար: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռուսիան ներկայացնող Սերկէյ Լոպանով, մինչ լաւագոյն եռեակը կ’ամբողջացնէ Տենիս Լազաւիք (Պիելոռուսիա):

«Քալչիօ».  Այսօր` Ինթեր Միլան – Ա. Էս. Ռոմա

Հենրիխ Մխիթարեան. «Ցաւալի Է, Որ Ազրպէյճանի Մէջ Տակաւին Կան Հայ Գերիներ»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» պարբերաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ արցախեան վերջին պատերազմին մասին: «Անհաւանական է, որ 21-րդ դարուն կը կատարուի նման բան` տագնապ, որ կը շարունակուի 30 տարիէ ի վեր, մինչ բազմաթիւ երկիրներ կ’անտեսեն կատարուածը: «Ցաւալի է, որ Ազրպէյճանի մէջ տակաւին կան հայ գերիներ: Ասիկա երբեք ընդունելի...

Հայկական Պասքեթպոլ.  Մետ Ֆոքս Յաղթեց Սուփըրսոնիքսին

Հայկական Պասքեթպոլ. Մետ Ֆոքս Յաղթեց Սուփըրսոնիքսին

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ իրարու դէմ մրցեցան Սուփըրսոնիքս եւ Մետ Կոլֆ: Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 45-45 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը, սակայն վերջին երկու քորթըրներուն, Մետ Ֆոքս հետզհետէ մրցումին ղեկը ձեռք առնելով, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 100-77 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն Մոնթրել Լիթըլ եղաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը` տուպլէ մը իրագործելով (40 կէտ, 10 ռիպաունտ):

Կռփամարտ.  Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Սկսի  Իր Հաւաքին` Ծաղկաձորի Մէջ

Կռփամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Սկսի Իր Հաւաքին` Ծաղկաձորի Մէջ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականը, վաղը` ուրբաթ, 15 յունուարին, կը սկսի ուսումնամարզական հաւաքի մը` Ծաղկաձորի մէջ: Անիկա պիտի տեւէ 12 օր: Նշուեցաւ, որ այս հաւաքին պիտի մասնակցին 24 մարզիկներ: Այս ուսումնամարզական հաւաքը տեղի պիտի ունենայ մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրաբեանի գլխաւորութեամբ: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականէն ցարդ ողիմպիականի տոմս ապահոված է միայն Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ):...

Մաուրօ Գեւգէօզեան Միացաւ Իր Նոր Ակումբին

Մաուրօ Գեւգէօզեան Միացաւ Իր Նոր Ակումբին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան միացաւ իր նոր ակումբին` Քարլոս Մանուչիին: Թրուխիլիօ քաղաքը ներկայացնող խումբը այժմ սկսած է պատրաստուիլ Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան: 34 տարեկան ֆութպոլիստը այս ձմրան ընթացքին Փերուի Իւնիվերսիտատ Քախամարքա ակումբէն տեղափոխուած էր Քարլոս Մանուչի: 2020-ին ան Քախամարքայի հետ նշանակեց 15 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ: Ան 2014-ին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ կատարեց 2 մրցում:...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ուրարտու Եւ Փիւնիկ Բարեկամական  Մրցում Պիտի Կատարեն

Հայկական Ֆութպոլ. Ուրարտու Եւ Փիւնիկ Բարեկամական Մրցում Պիտի Կատարեն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Ուրարտու եւ Փիւնիկ իրարու դէմ պիտի կատարեն ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` պատրաստուելու համար բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինին: Ալեքսանտր Գրիգորեանի գլխաւորած կազմը 21 յունուարին պիտի մրցի Փիւնիկի դէմ` Ուրարտու մարզահամալիրին մէջ: Ուրարտուի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախատեսուած են այլ մրցումներ ալ:    

Թենիս.  Մարկարիթա Գասպարեան  Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Ռուսիոյ ներկայացուցիչ` Մարկարիթա Գասպարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի զտումի մրցումներուն, երէկ պարտութիւն մը կրելով չկրցաւ ապահովել ախոյեանութեան իր տոմսը: Զտումի Գ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, 26 տարեկան Գասպարեան 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 33 տարեկան պուլկարացի Ցվեթանա Փիրինքովայէն: Գասպարեան դասուած էր 14-րդ, իսկ անոր մրցակիցը` 21-րդ: Նշենք, որ այս...

«Էն. Պի. Էյ.».  Լէյքըրզ Դարձեալ Յաղթեց Ռոքեթցին

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Դարձեալ Յաղթեց Ռոքեթցին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան վեց մրցումներ: Շիքակօ Պուլզ-Պոսթըն Սելթիքս մրցումը յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ վերջինէս 7 մարզիկներ վարակուած ելան «Քորոնա» ժահրով: Երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ Հիուսթընի մէջ հիւրը եղաւ Ռոքեթցին, դարձեալ յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ: Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 26 կէտ: Նշենք, որ այս յաղթանակը Լէյքըրզի համար եղաւ տարեշրջանի...

Տիեկօ Սիմէոնէ Ճանչցուեցաւ  Տասնամեակի Լաւագոյն Մարզիչ

Տիեկօ Սիմէոնէ Ճանչցուեցաւ Տասնամեակի Լաւագոյն Մարզիչ

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը («ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ.») վերջին տասնամեակի լաւագոյն մարզիչ ճանչցաւ արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէն: Քուէարկութիւնը կատարուեցաւ` նկատի առնելով 2011-2020 ժամանակամիջոցին արձանագրուած արդիւնքները: Ան ապահովեց 152 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց սպանացի մասնագէտ Եոսիփ Կուարտիոլա (144 կէտ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց գերմանացի Եիւրկըն Քլոփ: 50 տարեկան Սիմիոնէ Աթլեթիքօ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչն է 2011-էն ի վեր: Ան իր...

Տիպալա 15-20 Օրով Պիտի  Բացակայի Դաշտերէն

Տիպալա 15-20 Օրով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Եուվենթուսին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա, որ Սասուոլոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին («Քալչիօ», 17-րդ հանգրուան) վիրաւորուեցաւ, 15-20 օրով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Նշուեցաւ, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի բացակայի շարք մը մրցումներէ, որոնց կարգին` Ինթեր Միլանի եւ Նափոլիի դէմ կատարուելիքները:

Նէյմար Կրնայ  Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգել

Նէյմար Կրնայ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգել

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Նէյմար շատ հաւանաբար իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ իր ակումբին հետ: «Մունտօ-Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ երկու կողմերը իրարու հետ եկած են ընդհանուր յայտարարի, եւ շուտով մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին այս գծով: Նշենք, որ Նէյմարի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022: Ան Պարսելոնայէն մայրաքաղաքի կազմին միացած էր 2017-ին:

Page 550 of 1279 1 … 549 550 551 … 1,279

Արխիւներ