Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. Լիկայի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Վահագնի Սիթի – Մետ Ֆոքսիս մրցումը մնաց կիսատ` երկու կազմերու մարզիկներուն միջեւ տեղի ունեցած զանգուածային բախումին պատճառով:
Մրցումը ընդհատուեցաւ առաջին քորթըրին 7-րդ վայրկեանին, երբ մարզիկներուն միջեւ սկսաւ ծեծկռտուք մը:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը` նշելով, որ մանրակրկիտ քննութիւն կատարելէ ետք պիտի տայ պէտք եղած որոշումները: Ապա, անիկա պիտի ճշդէ մրցումին նոր թուական մը` զայն սկսելով անոր ընդհատուած ժամանակէն: