Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ քանի մը օր առաջ Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած, սակայն կիսատ մնացած Վահագնի Սիթի-Մետ Ֆոքսիս մրցումին գծով կատարուած հետաքննութիւններուն լոյսին տակ, շարք մը մարզիկներ կախակայուեցան:
Վահագնի Սիթիէն կախակայուեցան եւ տուգանքի ենթարկուեցան Թադէ Քէշիշեան, Տարիուս Քլարք, Թէօ Վարդանեան եւ Ալպերթ Թադէոսեան: Իսկ Մետ Ֆոքսիսէն` Տեմիըն Արչըր, Լիսթըր Անթուան, Արկադի Մկրտչեան եւ Նիքոլաս Իվընս:
Անոնց դէմ սահմանուեցաւ մէկ մրցումի որակազրկում, մինչ Լիսթըր Անթուան կախակայուեցաւ 5 մրցումով:
Նշուեցաւ, որ կախակայուած մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը պիտի չկարենան բերել նոյն այս մրցումին, որ պիտի շարունակուի իր կիսատ մնացած տեղէն (Ա. քորթըր, 7-րդ վայրկեան):
Նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ երկու կազմերու միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը մնացած էր անաւարտ, երբ երկու կազմերու մարզիկներուն միջեւ ծեծկռտուք տեղի ունեցած էր:



