Եոքոհամայի ճափոնցի յառաջապահ Քաթույոշի Միուրա երկարաձգեց իր գործող պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
56 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը: Նախորդ տարեշրջանին Միուրա իր մասնակցութիւնը բերաւ 4 մրցումի:
Միուրա, որ Եոքոհամայի հետ հանդէս կու գայ 2005-էն ի վեր, Ճափոնի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ելոյթ ունեցած ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստն է: