Միջազգային ինքնաշարժներու ֆետերասիոնին (ՖԻԱ) մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021 տարուան առաջին կրան փրին տեղի պիտի ունենայ 28 մարտին, Պահրէյնի մէջ: Մնացեալ կրան փրիներուն յայտագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ:
Սկզբունքով, նոր տարեշրջանը պիտի սկսէր 21 մարտին` Մելպուռնէն (Աւստրալիա), սակայն անիկա յետաձգուեցաւ 21 նոյեմբերին: Անորոշ թուականով մը յետաձգուեցաւ Չինաստանի կրան փրին: