Ճատրակ. Բարձրագոյն Դասակարգ Բարձրացող Երեք Մասնակցողներուն Անունները Կը Յստականան Վերջին Հանգրուանին
Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ իր աւարտին կը մօտենայ Հայաստանի տղոց Ա. դասակարգի 81-րդ ախոյեանութիւնը:
Հակառակ անոր որ կատարուեցան 12-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները, սակայն ցարդ չյստակացան բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը ապահովող երեք մասնակցողներուն անունները:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ վերջին հանգրուանի հանդիպումներէն առաջ, 8,5 կէտով առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Լեւոն Բաբուջեան:
Դաւիթ Շահինեան, Մամիկոն Ղարիբեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան 7,5-ական կէտով կը բաժնեն 2-4-րդ դիրքերը:
Բարձրագոյն դասակարգ բարձրանալու յոյս ունին նաեւ Արթուր Դաւթեան, Արմէն Բարսեղեան եւ Արման Միքայէլեան, որոնք ապահոված են 7-ական կէտ եւ կը բաժնեն 5-7-րդ դիրքերը:
Նշենք, որ երէկ` հինգշաբթի, 4 փետրուարին, հանգիստի օր էր:
Որոշիչ վերջին հանգրուանի հանդիպումները կը կատարուին այսօր: