Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կայքէն կը տեղեկանանք, որ երէկ իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանի ճատրակի վեթերաններու բազմակի ախոյեան Ալեքսան Մանուկեան:
Ան 76 տարեկան էր:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն եւ ազգականներուն: