Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինին պատրաստուող Արարատ-Երեւան, որ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն կազմերէն Լիուան, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, յայտնեց հայկական կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայրենի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին 7-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր տեղւոյն կազմերէն Աթլեթիքօ Արապիայի դէմ:
Արարատ-Երեւանի ուսումնամարզական հաւաքը իր աւարտին կը հասնի 12 փետրուարին: