Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ միջնապահ Յովհաննէս Յարութիւնեան միացաւ կազմին եւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինին:
21 տարեկան Յարութիւնեան, որ ակումբին սանը կը հանդիսանայ, նախապէս մաս կազմած է նաեւ Միխալովցէի (Ռուսիա) եւ Արարատ-Արմենիայի:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին Փիւնիկի արձանագրած արդիւնքները այդքան ալ տպաւորիչ չեն` նկատի ունենալով, որ անիկա ցարդ ապահոված է միայն 5 կէտ եւ կը գտնուի նախավերջին դիրքին վրայ: