«Էն. Պի. Էյ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ նախանցեալ օր կատարուեցան վեց ճակատումներ եւ իրագործուեցան երեք «թրիփըլ տապըլ»-ներ:
Պրուքլին Նեթցի նորեկ Ճէյմս Հարտեն, Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (124-120), հանդիսացաւ «թրիփըլ-տապըլ»-ի հեղինակ (23 կէտ, 11 ռիպաունտ, 14 էսիսթ):
Նշենք, որ ամերիկացին այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իրագործեց իր 50-րդ «թրիփըլ տապըլ»-ը, բան մը, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ իրագործուած էր միայն 7 մարզիկներու կողմէ:
Նոյն այս մրցումին, անոր խմբակից Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 39 կէտ:
Ուաշինկթընի մէջ, Ուիզըրտծ 132-121 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն, հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմէն Ռասըլ Ուեսթպրուք «թրիփըլ տապըլ» մը իրագործեց (17 կէտ, 12 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Անոր խմբակից Պետլի Պիլ նշանակեց 37 կէտ:
Երրորդ «թրիփըլ տապըլ»-ը իրագործեց Քայլ Լովրի (14 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), երբ անոր կազմը` Թորոնթօ Ռեփթըրզ 123-108 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքին: Անոր խմբակից Ֆրետ Վան Վլիթ նշանակեց 54 կէտ:
Թէեւ Սթեֆըն Քարի նշանակեց 38 կէտ, սակայն անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 111-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոսթըն Սելթիքսէն: