Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը ունեցաւ նոր հովանաւոր մը:
Նշուեցաւ, որ «Ճէյ. Էս. Պի. Սի.» ընկերութիւնը, որուն սեփականատէրն է Հիշամ Ժըրտաք, պիտի ըլլայ ազգային խումբի գլխաւոր հովանաւորը` յառաջիկային Լիբանանի կատարելիք երկու մրցումներուն գծով:
20 եւ 22 փետրուարին Լիբանան յաջորդաբար պիտի մրցի Պահրէյնի եւ Հնդկաստանի դէմ, Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Նշենք, որ «մայրիներու» կազմը ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրելով կը գրաւէ Դ. խմբակի պարագլուխի դիրքը` 8 կէտով: