Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա Տել Ռէյ») քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Կրանատային, դժուարութեամբ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ երկարաձգման ընթացքին արձանագրեց 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Պարսելոնա, որ մինչեւ 88-րդ վայրկեանը պարտուած էր 2-0 արդիւնքով, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել 2-2-ի, երբ Անթուան Կրիզման (88-րդ) եւ Եորտի Ալպա (90+2-րդ) նշանակեցին քաթալոնական կազմին երկու կոլերը:
100-րդ վայրկեանին Կրիզման տուպլէ մը իրագործեց: Անոր նշանակած կոլէն ետք, թէեւ Կրանատա հաւասարեցուց արդիւնքը` փենալթիով նշանակելով իր կոլը, սակայն հոլանտացի միջնապահ Ֆրանքի Տը Եոնկ 108-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին 4-րդ կոլը, մինչ Եորտի Ալպա` 5-րդ կոլը (113-րդ):
Այսպիսով, Պարսելոնա վերջին 15 տարիներուն ընթացքին 13-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, որուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 5 փետրուարին: