Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի, Փիւնիկ-Երեւանի եւ Արարատ-Արմենիայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան գլխաւորեց ղազախական Թարազ ֆութպոլի ակումբը, այս մասին յայտնեց ղազախական մամուլը:
Ակումբին ղեկավարութիւնը արդէն իսկ իր ֆութպոլիստներուն ներկայացուց 47 տարեկան մասնագէտը:
Անոր գլխաւորութեամբ խումբը երէկ մեկնեցաւ Թուրքիա, ուր պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը:
Նշենք, որ Ղազախստանի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան (20 հանգրուան), Թարազ ապահովելով 23 կէտ գրաւեց դասաւորման 8-րդ դիրքը: