Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան-Ֆրանսա
Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը այսօր` չորեքշաբթի, 3 փետրուարին Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Ֆրանսան: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 17:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ այս մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Արմենիա-Թի. Վի.»-էն:
Ինչպէս ծանօթ է, Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած խումբը նախորդ շաբաթավերջին պարտութիւն մը կրեց Ռուսիայէն, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած մրցումին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական