Արարատ-Արմենիա Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկէն
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ-Արմենիա, որ այս օրերուն ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ` պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինին, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին կրեց ծանր պարտութիւն մը ռուսական Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկէն, 4-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ նախքան այս մրցումը, հայկական կազմը կատարեց այլ մրցում մըն ալ եւ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը Ռոտինայի հետ (Ռուսիա):
Այս հաւաքը, որ սկսաւ նախորդ 27 յունուարին, իր աւարտին կը հասնի 12 փետրուարին:
Նշենք, որ Հայաստանի ախոյեանը այլ մրցում մըն ալ պիտի կատարէ Ռիկայի հետ (Լաթվիա):
Share This Article
CATEGORIES Մարզական