Կռփամարտ. Տօնականեան Իր Յաջորդ Մենամարտը Պիտի Կատարէ Մարտին
Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի անդամ Կարէն Տօնականեան, իր յաջորդ մենամարտը արհեստավարժ ռինկի վրայ պիտի կատարէ մարտին:
Եւրոպական խաղերու պրոնզէ մետալակիրը, որ վերջերս յաղթական մենամարտով իր նորամուտը նշած էր արհեստավարժ ռինկի վրայ, կը պատրաստուի իր հերթական մենամարտին:
Հայրենի կռփամարտիկը, որ մեկնեցաւ Վլատիքաւքազ (Ռուսիա), հոն մարզի` Վիթալի Սլանովի հետ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ:
Նշենք, որ նախորդ 25 դեկտեմբերին ան արհեստավարժ ռինկի վրայ կատարեց իր առաջին արհեստավարժ մենամարտը` յաղթելով Անտրէ Իսայեւին (Պիելոռուսիա):
Share This Article
CATEGORIES Մարզական