Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ բերդապահ Գոռ Մանուկեան տեղափոխուեցաւ Լոռի:
Մանուկեան, որ Փիւնիկ-Երեւանի սան է, անոր հետ անցուցած է ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծ մասը: Ան մաս կազմած է նաեւ Ալաշկերտի:
27 տարեկան բերդապահը Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան է, եռակի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր:
Ան հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի 19 եւ 21 տարեկանէն վար հաւաքականներուն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ: