Մարմնամարզութիւն. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ
Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնը (ԷՖ. ԱՅ. ՃԻ.) նշեց, որ մարմնամարզութեան աշխարհի բաժակի մրցաշարքը յետաձգուեցաւ:
Այս ախոյեանութիւնը սկզբունքով պէտք էր տեղի ունենար 10-13 մարտին` Տոհայի մէջ (Քաթար):
Անիկա կարեւոր էր այն իմաստով, որ անոր արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականային ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը ապահովող մարզիկներուն անունները:
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնը անոր կայացման նոր թուականը պիտի յայտարարէ մօտիկ ապագային:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական