Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Արամ Հայրապետեան փորձառական շրջան մը կ’անցընէ ղազախական Աթիրաու խումբին հետ, այս մասին յայտնեց հայկական մարզական մամուլը:
34 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբը հանդիսացաւ իրանեան Փէյքանը:
Հաւաքականին հետ ան վերջին անգամ ելոյթ ունեցաւ նոյեմբեր 2019-ին, երբ Հայաստան ծանր պարտութիւն մը կրեց Իտալիայէն (9-1):
Նշենք, որ Աթիրաուի գլխաւոր մարզիչն է Արամ Ոսկանեան: Ղազախական ակումբին հետ հանդէս կու գայ նաեւ հայրենի միջնապահ Արտակ Դաշեան:
Ոսկանեանի գլխաւորութեամբ, Աթիրաու նախորդ տարեշրջանին յաջողեցաւ ապահովել Ղազախստանի բարձրագոյն դասակարգի իր տոմսը: