Երէկ` հինգշաբթի, 18 փետրուարին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ կազմակերպութեան փոխնախագահ Հաշեմ Հայտարի եւ այլ անդամներու:
Ժողովականները իրենց այս նիստին ընթացքին քննարկեցին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նոր ընտրութիւններուն հարցը: Անոնք տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 25 փետրուարին, յետմիջօրէին ժամը 15:00-էն սկսեալ, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ):
Նկատի ունենալով, որ երէկ թեկնածութիւն առաջադրելու վերջին օրն էր, 22 անձերու թղթածրարները սերտուեցան:
Պաշտօնապէս վաւերացուեցաւ 21 անձերու առաջադրած թեկնածութիւնը` 14 աթոռի համար:
Ստորեւ` իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած 21 անձերը.
Հաշեմ Հայտար, Սեմի Քըպլաուի, Ասաատ Նախըլ, Մահմուտ Հաթթապ, Ժաք Թամեր, Մըհաննատ Տապպուսի, Ռոլան Սաատէ, Օլիվըր Ֆայսալ, Ժասեմ Քանսօ, Ռեմոն Սըքքար, Ժիհատ Սալամէ, Ուալիտ Տըմիաթի, Հապիպ Զարիֆա, Թոնի Նասսար, Մազեն Ռամատան, Խալետ Պատիհ, Պութրոս Ժալըխ, Րաֆֆի Մումջողլեան, Ռապիհ Սալեմ, Խըտըր Մըքլատ եւ Հասսան Ռըսթոմ: