Երէկ` հինգշաբթի, 18 փետրուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կատարուեցան Հայաստանի ճատրակի աղջկանց 76-րդ ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեցին Մարիամ Մկրտչեան, Սուսաննա Գաբոյեան, Սիրանուշ Ղուկասեան եւ Մարիամ Աւետիսեան:
Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ այժմ դասաւորման մէջ երկիշխանութիւն տիրէ` նկատի ունենալով, որ Գէորգեան եւ Գաբոյեան ապահոված են 2,5-ական կէտ:
Իսկ 2-ական կէտ ունին Աւետիսեան, Ղուկասեան եւ Վերոնիքա Խաչատրեան:
Աղջկանց ախոյեանութիւնը, որ բաղկացած է 9 հանգրուանէ, իր աւարտին կը հասնի 25 փետրուարին: