Իտալական Վերոնայի երիտասարդական խումբի ֆութպոլիստ Անտրէ Կրեզելէ դուրս եկաւ մահաքունէն, այս մասին յայտնեց «Սքայ Սփորթ»-ը:
Նշուեցաւ, որ 18 տարեկան ֆութպոլիստը վար ինկած է 4 մեթր բարձրութենէն եւ ստացած կոտրուածքներ ու գլխու վնասուածք:
Իտալացին տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր ենթարկուած է վիրաբուժութեան:
Ան այժմ գիտակցութեան եկած է եւ սկսած մարդիկը ճանչնալ, բայց եւ այնպէս պիտի մնայ բժիշկներուն հսկողութեան տակ: