Երէկ` հինգշաբթի, 18 փետրուարին, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-32-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուեցան 16 ճակատումներ:
Իտալական Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ փորթուգալեան Պրակային, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը` նկատի ունենալով, որ արձանագրուած այս յաղթանակին շնորհիւ անիկա դարձին աւելի հանգիստ մրցում մը պիտի կատարէ:
Մրցումին 5-րդ վայրկեանին Էտին Ծեքօ նշանակեց հիւր կազմին առաջին կոլը:
Թէեւ Ա. Էս. Ռոմա Ա. կիսախաղին ունեցաւ կոլ նշանակելու այլ առիթներ ալ, բայց չկրցաւ արդիւնքը փոխել:
Բ. կիսախաղին սակայն, Պորժա Մայորալի նշանակած կոլին շնորհիւ (86-րդ), Ա. Էս. Ռոմա տարաւ վերջնական յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ մրցումին 54-րդ վայրկեանին, Պրակայէն կարմիր քարտ մը ստացաւ Ռիքարտօ Էսկայօ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ա. էս. Ռոմայի հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 փետրուարին` Հռոմի մէջ: