Երէկ` երեքշաբթի, 16 փետրուարին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամա` կատարելու համար զտումի իր վերջին երկու մրցումները, Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
20 փետրուարին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, Լիբանան հիւրը պիտի ըլլայ Պահրէյնի, իսկ 22 փետրուարին պիտի կատարէ զտումի իր վերջին մրցումը (ժամը 16:00-ին), երբ պիտի ճակատի Հնդկաստանի դէմ:
Նշենք, որ աւարտական հանգրուանի մրցումները պիտի կատարուին 16-28 օգոստոսին, Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ:
Ստորեւ` Պահրէյն մեկնած լիբանանեան պատուիրակութիւնը.
Ղազի Պուսթանի (պատուիրակութեան նախագահ), Ճօ Մուժահես (մարզիչ), Ժատ Հաժ (օգնական մարզիչ), Ժորժ Ասսաֆ (փորձերու հսկող մարզիչ), Խալիլ Նասսար, Էլի Նասրալլա (բժիշկներ), Էլի Նասրալլա (վիճակագրութիւն), Ժերար Հատիտեան, Ալի Մանսուր, Հապիպ Ապտալլա, Ալի Մըզհեր, Սերճիօ Տարուիշ, Քարիմ Զէյնուն, Ազիզ Ապտել Մասիհ, Ժոզեֆ Շարթունի (մարզիկներ):
Քարիմ Ազզէտտին իր խմբակիցներուն պիտի միանայ Պահրէյնի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան արդէն իսկ հոն կը գտնուի:
Նշենք, որ Լիբանանի ազգային խումբը արդէն իսկ ապահոված է աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, իր արձանագրած չորս յաղթանակներուն շնորհիւ: