Երեքշաբթի, 16 փետրուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան:
Տղոց 81-րդ ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, յաղթանակներ արձանագրեցին Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Արման Փաշիկեան:
Նշենք, որ տղոց ախոյեանութիւնը բաղկացած է 11 հանգրուանէ եւ իր աւարտին կը հասնի 28 փետրուարին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 76-րդ ախոյեանութեան, Ա. հանգրուանին իրենց կարգին յաղթանակներ արձանագրեցին երեք խաղացողներ` Նարէ Առաքելեան, Մարիա Գէորգեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան:
Աղջկանց ախոյեանութիւնը բաղկացած է 9 հանգրուանէ եւ իր աւարտին կը հասնի 25 փետրուարին: