Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կազմակերպիչ յանձնախումբին կոմիտէն ունեցաւ իր նոր նախագահը, այս մասին յայտնեց «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»-ը:
83 տարեկան Եոշիրօ Մորիին փոխարինեց 56 տարեկան Սէյքօ Հաշիմոթօ: Մորի հեռացուեցաւ իր վարած պաշտօնէն` սեռային գայթակղութեան մէջ յայտնուելէ ետք:
Մորի նախապէս եղած է Ճափոնի վարչապետ:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ յայտնեց, որ Հաշիմոթօ հանդիսացաւ լաւագոյն ընտրութիւնը` այդ պաշտօնին համար:
Այս խաղերը, որոնք 2020-ին յետաձգուեցան մէկ տարիով, տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն 8 օգոստոս 2021-ին: