Ֆութսալ. Արարատ-Արմենիա Յաղթեց Լէոյին Եւ Անոր Նման Ունեցաւ 39 Կէտ
Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը իրարու դէմ հանեց Արարատ-Արմենիան եւ Լէոն:
Արարատ-Արմենիա, արձանագրելով 8-3 արդիւնքով յաղթանակ մը, անոր նման ունեցաւ 39 կէտ եւ այժմ անոր հետ միասին կը բաժնէ պարագլուխի դիրքը:
Լաւագոյն եռեակը կ’ամբողջացնէ Լուսառատ, որ ունի 36 կէտ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 11 խումբեր:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական