Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու կռփամարտի եւրոպական մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 4-8 յունիսին, այս մասին յայտնեց միջազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մրցաշարքին կայացման վայրը պիտի յստականայ 1 մարտին:
Կը կարծուի, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ սքանտինաւեան կամ մերձպալթեան երկիրներէն մէկուն մէջ:
Միջազգային զտումի մրցաշարքը պիտի չկատարուի: Մարզիկները ողիմպիականի իրենց տոմսը պիտի ապահովեն ըստ իրենց գրաւած միջազգային դասաւորման դիրքերուն:
Արհեստավարժ կռփամարտիկներուն համար նկատի պիտի առնուին նախորդ ողիմպիական խաղերուն եւրոպական եւ միջազգային մրցաշարքերուն անոնց արձանագրած արդիւնքները:
Լոնտոնի մէջ նախորդ տարի «Քորոնա» ժահրին պատճառով կիսատ մնացած եւրոպական վարկանշային մրցաշարքին Հայաստանէն ողիմպիականի տոմս ապահոված է կիսաւարտական հանգրուանին հասած Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ):
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մէկ տարիով յետաձգուած Թոքիոյի ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան այս տարի, 23 յուլիսէն 8 օգոստոս, բնականաբար պահելով իրենց անունը` «Թոքիօ-2020»: