Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Սիթի, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ուեսթ Համը, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այս յաղթանակը Սիթիի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի համար եղաւ 200-րդ յաղթանակը: Այս իրագործումը արձանագրելու համար անկէ պահանջուեցաւ 273 մրցում:
Սպանացի մարզիչը «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ պաշտօնավարած մարզիչներուն մէջ ամէնէն արագն է, որ այդ իրագործումին հասաւ:
Ան այսպիսով գերազանցեց Թոթենհամի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի մրցանիշը, որ 309 մրցումի ընթացքին արձանագրած էր 200 յաղթանակ: