Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը եւ հաստատեց, որ կը հեռանայ Հայաստանէն:
Ստորեւ` Արոնեանի կողմէ կատարուած յայտարարութեան կարեւոր բաժինները.
«Նախորդ տարին բոլորիս համար եղաւ բաւական դժուար տարի մը. «Քորոնա» ժահրը, արցախեան պատերազմը, իմ պարագայիս նաեւ` անձնական դժբախտութիւնը եւ պետութեան բացարձակ անտարբերութիւնը` հայկական ճատրակին նկատմամբ: Ես այնպիսի կացութեան մը դէմ յանդիման գտնուեցայ, որ կա՛մ պիտի լքէի այս արհեստավարժ ասպարէզս եւ կա՛մ տեղափոխուէի այնտեղ, ուր զիս կը գնահատեն:
Մէկ տարիէն աւելի, այժմու կառավարութեան տուած խոստումներուն սպասելէ ետք, ստիպուած եղայ տալ դժուար որոշում մը եւ հեռանալ հարազատ երկրէս:
Ես անկեղծօրէն կը հպարտանամ, որ պատիւ ունեցայ զգալի ներդրում ունենալ հայկական ճատրակի մեծագոյն ձեռքբերումներուն մէջ, որոնց կարգին` ողիմպիական երեք ոսկի, ոսկիներ` աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութիւններէն, աշխարհի բաժակի երկու տիտղոս, ինչպէս նաեւ շարք մը խմբային եւ անհատական յաղթանակներ:
Հոս կարեւորութեամբ կ՛ուզեմ նշել այն կարեւոր կէտը, որ Հայաստանի ճատրակի բոլոր յաջողութիւններուն մէջ միշտ ալ գործօն եղած է Հայաստանի նախկին նախագահ եւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ միշտ ալ նեցուկ կանգնած է եւ տարիներ շարունակ ցուցաբերած կարեւոր աջակցութիւն:
Իմ ունեցած մտահոգութիւնս բազմիցս անգամ փորձած եմ ներկայացնել Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին, այս ոլորտի այլ պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետին` Նիկոլ Փաշինեանին: Անոր հետ 3 տարուան ընթացքին ունեցայ միայն մէկ հանդիպում, այդ ալ միայն… 15 վայրկեան: Չկրցայ եւ չյաջողեցայ նոր կառավարութեան բացատրել, որ ճատրակը մեր երկրին մէջ մեծ ժառանգութիւն է: Անոնց չկրցայ փոխանցել այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ պետական աջակցութիւն կը խնդրեմ, ոչ թէ անձամբ ինծի համար, այլ մեր յաջողութիւններով հայրենիքին ծառայելու եւ անոր փառք բերելու համար:
Պատասխանը եղաւ. «Մեր փորձագէտները կը գտնեն, որ Լեւոն Արոնեանը այլեւս ներուժ չունի»:
Ինծի եկած այս «դատավճիռէն» ետք, Սթավակների անուանի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին պարտութեան մատնեցի թէ՛ աշխարհի ախոյեանը, եւ թէ՛ ալ աշխարհի երկրորդ դասուած խաղացողը»:
Տարիներ շարունակ, տարբեր երկիրներու հաւաքականներուն մաս կազմելու առաջարկներ ստացայ, մանաւանդ ամերիկացի մեծ բարերար եւ ճատրակի սիրահար Ռեքս Սինքֆելտէն, որ իւրաքանչիւր տարի կը կրկնէր, որ միանամ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին: Այժմ ատիկա իրականացաւ, եւ մաս պիտի կազմեմ անոնց հաւաքականին:
Համոզուած եմ, որ կու գայ ժամանակը, որ ճատրակը Հայաստանի մէջ կը վերադառնայ իր փառքի օրերուն:
Կ՛ուզեմ հաւաստիացնել բոլորին, որ բոլոր թելերով կապուած պիտի ըլլամ հայրենիքիս եւ նոյնիսկ հեռաւոր Ամերիկայէն պիտի փորձեմ առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալ մեր ճատրակ խաղացողներուն»: