Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ալաշկերտ-Երեւան, որ հիւրընկալեց Վանաձորի Լոռին, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Դաշտին տէրերուն յաղթանակի կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արտակ Գրիգորեան` 79-րդ վայրկեանին: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ` 1-1 արդիւնքով:
Այս մրցումին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ` Դաւիթ Եուրչենքօ իր նորամուտը նշեց Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով, իր նոր ակումբին` Ալաշկերտի հետ:
Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, համակիրներուն մարզադաշտ վերադարձը դարձեալ արտօնուեցաւ:
Երկու կազմերը նախորդ 24 փետրուարին 7-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին դարձեալ իրարու դէմ յանդիման եկած էին, եւ Ալաշկերտ արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած կազմը ապահովեց 24 կէտ եւ հաւասարեցաւ յառաջատար Արարատին: Անոնք երկուքն ալ կատարած են 12-ական մրցում:
Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Արարատ-Արմենիա, որ կատարած է 11 մրցում եւ ապահոված 21 կէտ: Իսկ Լոռի, որ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, 13 մրցումէ ապահոված է` 20 կէտ: